Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին գծով երէկուան մրցումները յետաձգուեցան անորոշ ժամանակով եւ անոնց կայացման գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին մօտիկ ապագային:
Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պատճառները արդէն իսկ ծանօթ են բոլորին եւ ոչ մէկ գաղտնիք կայ:
Երէկուան մրցումները իրարու դէմ պիտի հանէին նախ Պէյրութն ու ՀՄԸՄ-ը, իսկ երկրորդ` Սաժեսը եւ Մութթահետը:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն` Լուէյզի – Շանվիլ եւ Ռիատի – Անթունիէ, բնականաբար անոնք ալ պիտի յետաձգուին:
Մրցումներուն յետաձգման պատճառը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ իրաւարարներուն կատարած գործադուլը` նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց նիւթական իրաւունքները չեն կրնար գանձել ֆետերասիոնէն: