«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ մրցումներ:
Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, 121-112 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս թրփիըլ-տապըլ մը իրագործեց (25 կէտ, 12 ռիպաունտ, 12 էսիսթ):
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քեւին Տիւրանթ (36), երբ անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, յաղթանակ մը արձանագրեց Տալաս Մավըրիքսի դէմ (112-97): Վերջինիս մաս կազմող Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 18 կէտ:
Մինեսոթա Վուլվզի մարզիկներէն Քարլ – Անթոնի Թոմաս նշանակեց 30 կէտ, երբ անոր կազմը 119-96 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզին: