Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 17 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Նմուր Քուրայի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարի համալսարանի դաշտին վրայ (Թրիփոլի), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը իր կարգին իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 17 դեկտեմբերին, երբ յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին, Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) կը մրցի Թըպնինի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերէն ալ կ՛ակնկալուի վաղը ամէն գնով յաղթանակներ արձանագրել իրենց մրցակիցներուն դէմ: