Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները յետաձգուեցան, բնականաբար անոնց կարգին նաեւ` Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենար երէկ:
Դարձի մրցումներուն գծով պիտի հրապարակուի նոր յայտագիր մը: