Հնդկաստանի մէջ աւարտած` ճատրակի 16 տարեկանէն վար համաշխարհային ողիմպիականին, Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը գրաւեց չորրորդ դիրքը:
Հայրենի կազմը, որուն մաս կազմեցին Արամ Յակոբեան, Շանթ Սարգսեան, Դաւիթ Միրզոյեան, Մամիկոն Ղարիպեան եւ Աննա Սարգսեան, ապահովեց 12 կէտ` արձանագրելով 6 յաղթանակ եւ կրելով 3 պարտութիւն:
Ռուսիա 16 կէտով դարձաւ տիտղոսակիր մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Հնդկաստանի առաջին խումբը (15 կէտ) եւ Իրան (14 կէտ):