Ամերիկեան Օրլանտօ Սիթիի պրազիլցի միջնապահ Քաքա պաշտօնապէս յայտարարեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը լքելուն մասին:
35 տարեկան Քաքա իր այս յայտարարութիւնը կատարեց պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
2007-ին «Ոսկիէ գնդակ»-ի տիտղոսին տիրացած Քաքա 2014-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:
Ան ելոյթ ունեցած է նաեւ պրազիլական Սան Փաուլոյի, իտալական Ա. Սէ. Միլանի եւ սպանական Ռէալ Մատրիտի հետ:
2002-էն 2016 ան Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարած է 92 մրցում` նշանակելով 29 կոլ, իսկ 2002-ի մոնտիալին հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան: