«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած երեք մրցումներուն ընթացքին, յաղթական դուրս եկան հիւրընկալ կազմերէն երկուքը:
Ուաշինկթընի մէջ, Ուիզըրտծ տասը կէտի տարբերութեամբ` 116-106 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Օրլինզին: Վերջինէն Անթոնի Տէյվիս թէեւ նշանակեց 37 կէտ, սակայն անոր կազմը կրեց տարեշրջանի իր 16-րդ պարտութիւնը:
Քլիվլենտ Քաւալիրզ երեք կէտի տարբերութեամբ` 119-116 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Միլուոքի Պաքսի դաշտին վրայ: Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ) նշանակեց 39 կէտ: Այս պարտութիւնը Քաւալիրզի համար եղաւ տարեշրջանի 9-րդը:
Վերջապէս, վերջին մրցումին Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 101-95 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Սաքրամենթօ Քինկզէն:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Աթլանթա Հոքս – Ինտիանա Փէյսըրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Մայեմի Հիթ
Պրուքլին Նեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ
Շիքակօ Պուլզ – Օրլանտօ Մեճիք
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Օքլահոմա Սիթի – Եութա Ճեզ
Տալաս Մավըրիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Վուլվզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ