Շաբաթասկիզբին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց 20 վայրկեան տեւողութեամբ ժողով մը:
Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքէն ետք (օգոստոս), առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Փիեռ Քախիան, մասնակցեցաւ այս ժողովին:
Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ֆետերասիոնին երրորդ փոխնախագահը` Ռամի Ֆաուազ:
Բացակայողներուն կարգին եղան Աքրամ Հալապի (բացակայ` օրինական ձեւով), ինչպէս նաեւ հրաժարեալ անդամներ Թամմամ Ժարուտին եւ Փաթրիք Լահուտը:
Ժողովականներուն գլխաւոր եւ առաջնահերթ օրակարգը, որ վաւերացուեցաւ եւ պիտի գործադրուի, եղաւ լիբանանցի իրաւարարներուն վճարումները կատարելը: Իրենց աշխատավարձքը պիտի ստանան նաեւ ֆետերասիոնին պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ դաշտերու տարբեր տեսակի յանձնախումբերուն անդամները:
Այս ժողովին ֆետերասիոնին անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ժորժ Սապունճեան ֆետերասիոնին հաշուապահ Ռոժէ Աշքութիէն պահանջեց կատարուելիք բոլոր վճարումներուն հսկել բծախնդրօրէն:
Ներկաները որոշեցին հինգշաբթի, 21 դեկտեմբերին, ժամը 18:30-ին, դարձեա՛լ ժողով մը գումարել` քննարկելու համար նախորդ եօթը նիստերու օրինականութեան հարցը: