Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի արժանացաւ Ռէալ Մատրիտի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Ալֆրետօ Տի Շթեֆանոյի անուան մրցանակին, որ «Մարքա»-ի ընթերցողներուն քուէարկութեամբ կը ստանայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուած մարզիկը:
Իւրաքանչիւր շաբաթ ընթերցողները կ՛առաջադրեն թեկնածուներ, որոնցմէ լաւագոյնները կը հասնին աւարտական հանգրուան: Ապա, ֆութպոլի մասնագէտները կ՛ընտրեն լաւագոյնը:
Այսպիսով, արժանթինցի Մեսսի 5-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ անոր տիրացած է 4 անգամ: