Ռիատի Պէյրութի ակումբին նախագահ Հիշամ Ժարուտի, այսօր` չորեքշաբթի, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը:
Ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ Մանարայի մէջ գտնուող Ռիատիի ակումբին մէջ:
Նախապէս քանի մը առիթներով ան ուզեց հրաժարականը տալ, սակայն մի՛շտ ալ երկմտանքի մէջ ըլլալով հրաժարեցաւ այդ քայլէն:
Ըստ լիբանանեան մարզական մամուլին, կը կարծուի, թէ այս անգամ ան ետդարձ պիտի չկատարէ իր այդ քայլէն: