Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ երեքշաբթի, 30 յունուար 2018-ին պիտի գումարէ իր Ընդհանուր ժողովը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ժամը 19:00-էն սկսեալ:
Յայտարարուեցան նաեւ 2018-ին տեղի ունենալիք տարբեր մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու Լիբանանի մասնակցութեան պարագաները (միջազգային եւ արաբական գետնի վրայ) ինչպէս նաեւ տարբեր համաժողովներու Լիբանանը ներկայացնող անձերուն անունները:
68 կէտ ապահովելով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի հեծելանւորդ Յովսէփ Գանլըճեան գրաւեց երիտասարդներու վերջնական դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Քարլ Տեմիրճեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) 36 կէտով հանդիսացաւ 4-րդ, իսկ Կարէն Արաբկիրլեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) 20 կէտով` 6-րդ դիրքը:
Մեծերու դասաւորման մէջ Գէորգ Ալթունեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ)` 18 կէտ ապահովելով, գրաւեց 10-րդ դիրքը:
Իսկ Մասթըրզի դասակարգին մէջ Վիգէն Գագաճեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) 16 կէտով հանդիսացաւ 6-րդ, իսկ Նազարէթ Տընայեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) 12 կէտով 9-րդ դիրքը գրաւեց:
Նշենք, որ մեծերու դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Ապտալլա Աար (Պայք-Լեպանոն, 66 կէտ), իսկ Մասթըրզի դասաւորման մէջ` Պասսամ Տըննաուի (Պայք-Լեպանոն) 69 կէտով: