Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերող երկու խումբեր` Նըժմէ եւ Թրիփոլի, ունեցան իրենց մարզիչները:
Իր գումարած ժողովէն ետք, Նըժմէի վարչութեան կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ գերմանացի Թէօ Պուքըր նշանակուեցաւ խումբի նոր մարզիչ:
Պուքըր նախապէս ալ երկուքուկէս տարեշրջան եղած է խումբին մարզիչը:
Իր կարգին, Թրիփոլի ունեցաւ իր նոր մարզիչը:
Հիւսիսային Լիբանանի կազմը յայտարարեց, որ Ահտի նախկին մարզիչ Մուսա Հըժէյժ նշանակուեցաւ նոր մարզիչ: