Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան համաձայն գտնուած է միանալու Ինթեր Միլանին, կը յայտնէ իտալական մամուլը:
Ըստ «Ֆութպոլ-Իտալիա» օրաթերթին, իտալական ակումբը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետի գործակալ Մինօ Ռայոլայի հետ կը քննարկէ այս հարցը:
Վերջին 9 մրցումներէն միայն մէկուն, այդ ալ` իբրեւ փոխարինող մարզիկ, Մխիթարեան նկատի առնուեցաւ Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ:
Իտալական այլ օրաթերթ մը` «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» կը յայտնէ, որ Ինթեր Միլան կա՛մ պիտի ընտրէ Մխիթարեանը, կա՛մ ալ` լոնտոնեան Չելսիի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ` Ռամիրեզը, որ այժմ ելոյթ կ՛ունենայ Չինաստանի մէջ:
Իսկ թրքական մամուլին համաձայն, Մխիթարեանի Պեշիքթաշ փոխանցումը շատ հաւանաբար շուտով իրականանայ, որովհետեւ, ըստ կարգ մը աղբիւրներու, պրազիլցի միջնապահ Անտերսոն Թալիսքան փոխարինող յարմարագոյն ֆութպոլիստը Մխիթարեանն է:
Պեշիքթաշի կազմին մէջ է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս, որ ընդհանրապէս իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի կ՛առնուի:
Իսկ գերմանական մամուլին համաձայն, Մխիթարեան շատ հաւանաբար վերադառնայ իր նախկին ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտ: