Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-Լիկա»-ի սպասուած «Քլասիքօ»-ն Պարսելոնայի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 23 դեկտեմբերին, առաջինին դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ:
17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք այս ճակատումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 14:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Պարսելոնա, ինչպէս նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտ ցարդ անպարտելի են: