Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը, կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը (6 յաղթանակներու կողքին)` 83-64 արդիւնքով:

PROFOTO
Մինչ Ռիատի, որ ցարդ կրած է 2 պարտութիւն (ՀՄԸՄ-էն եւ Շանվիլէն), արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 13-20, 19-20, 15-19 եւ 17-24:
Ռիատիի եւ Պէյրութի մրցումին ամէնէն աւելի կէտ նշանակեց (27) Քրիս Տանիելզ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), մինչ անոր խմբակից Քուինսի Տուպի` 20: Իսկ Պէյրութէն ամէնէն աւելի կէտը (17) նշանակեց` Քրիս Քրոֆորտ:
Նշենք, որ նախորդ մրցումներուն բաղդատմամբ, Պէյրութի կազմին մէջ կը տիրէր կորսուած վիճակ մը, յատկապէս Վիթաութաս Սուլսքիսի եւ Պասել Պաուժիի մօտ:
Երէկուան երկրորդ մրցումին Անթունիէ, որ հիւրն էր Թատամոնի, 91-76 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (16-24, 18-22, 28-21 եւ 14-24):
Մրցումին ամէնէն աւելի կէտ (30) նշանակողը եղաւ Թատամոնէն Փաթրիք Ռեմպըրթը (ներառեալ` 6 թրի փոյնթ), մինչ անոր խմբակից Ճոն Պոհանըն, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (11 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Իսկ Անթունիէէն Փաթրիք Պու Ապպուտ, նշանակեց 25 կէտ, մինչ Վերնոն Կուտրիճ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (13 կէտ, 15 ռիպաունտ):
Նշենք, որ այս պարտութիւնը Թատամոնի համար եղաւ 11-րդը (խումբը ցարդ ոչ մէկ յաղթանակ կրցած է արձանագրել):