Իրանի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար ըմբիշներ, աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեան եւ Կարէն Ասլանեան, իրանական Սինա Սանաթ Իզեհ խումբին հետ դարձան փոխախոյեան:
Անոնց ներկայացուցած խումբը աւարտականին 8-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իրանական Պիմէյ Ռազիի խումբէն:
Հայաստանը ներկայացուց Տինամօ խումբը, որ գրաւեց դասաւորման 7-րդ դիրքը: