Հայաստանը ներկայացնող Զաւէն Անդրէասեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի արագ եւ կայծակնային ճատրակի ախոյեանութիւններուն:
Արագ ճատրակի ախոյեանութեան, Անդրէասեան 1181 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 12-րդ դիրքը` առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 9 կէտ, ինչ որ կարելի է նկատել բացառիկ արդիւնք:
Իսկ կայծակնային ախոյեանութեան, հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 22 կէտէն ապահովելով 16 կէտ, 1091 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 14-րդ դիրքը: