Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 4-րդ դասակարգի խումբերէն Խուվենթուտ տէ Պերկամինոն մէկ տարիով կախակայեց ֆութպոլի բոլոր տեսակի մրցումներուն մասնակցելէ եւ խումբը փոխադրեց 5-րդ դասակարգ, ուր ան 2019-ին պիտի սկսի իր ելոյթներուն:
Պատճա՞ռը: Որովհետեւ խումբին համակիրները Ինտիփենտիենթէ տէ Չիվիլքայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին յարձակած էին իրաւարարներուն վրայ եւ զանոնք ենթարկած դաժան ծեծի, քանի որ կեդրոնի իրաւարարը իրենց մէկ մարզիկին տուած էր կարմիր քարտ: