Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնը իր ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին` Հուփս Պէյրութի ակումբին մէջ կազմակերպեց իրաւարարներու յատուկ դասընթացք մը` մասնակցութեամբ 56 իրաւարարներու, որոնք ստացան իրենց յատուկ վկայագիրները:
Այս 56 անձերը` մեծամասնութեամբ համալսարանականներ, ստացան յատուկ ցուցմունքներ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մրցումներուն հսկեն ու տան ճշգրիտ որոշումներ եւ ինչպիսի՛ վերաբերմունք պիտի որդեգրեն մարզիկներուն նկատմամբ:
Անոնք իրենց մրցումներուն պիտի սկսին Գ. դասակարգէն` հասնելով մինչեւ միջազգային ասպարէզի մակարդակը: