Պաքուի տեղական իշխանութիւնները փակած են տեղւոյն ճաշարաններէն մէկը, ուր ֆութպոլասէրներ կ՛երթային ֆութպոլի մրցումներու հետեւելու, առհասարակ այլ երկիրներու նման, ուր կը կատարեն նոյնը:
Sportfm.az կայքը կը հաղորդէ, որ այս ճաշարանին փակման պատճառը եղած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի լուսանկարը, որ փակցուած էր ճաշարանին արտաքին պատին վրայ` շարք մը այլ լուսանկարներու կողքին: