Քաթալոնական Պարսելոնան մտադիր է շատ շուտով իր աւարտին հասցնել անգլիական Լիվըրփուլի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիոյի փոխանցումը` իր կազմին:
Ըստ սպանական «Մունտօ Տեփորթիւօ» օրաթերթին, 25 տարեկան պրազիլցիին փոխանցման համար Պարսելոնա պատրաստ է անոր ակումբին վճարելու 110 միլիոն եւրօ: Ասկէ բացի, Լիվըրփուլ կրնայ ստանալ նաեւ յաւելեալ 40 միլիոն եւրօ, եթէ պրազիլցին կարեւոր նուաճումը կատարէ Պարսայի հետ:
Բնականաբար, վերջնական որոշում տուողը պիտի ըլլայ Լիվըրփուլ:
Պարսելոնայի ղեկավարութեան մօտ եղած տեղեկութիւններուն համաձայն, կը կարծուի, որ այս փոխանցումը տեղի պիտի ունենայ 5-7 յունուարին: