«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Տալաս Մավըրիքս իր դաշտին վրայ երեք կէտի տարբերութեամբ` 125-122 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն: Վերջինիս մաս կազմող Սթեֆըն Քերի նշանակեց 32 կէտ:

Շիքակոյի մէջ, Պուլզ 124-115 արդիւնքով պարտուեցաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզէն: Տեմար Տերոզան նշանակելով 35 կէտ, մեծապէս օգտակար դարձաւ իր կազմին, որ յաղթանակ մը արձանագրէ:
Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ բաւական ծանր պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Օքլահոմա Սիթիէն, 133-96 արդիւնքով:
Թէեւ Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 30 կէտ, բայց անոր կազմը` Մինեսոթա Վուզվզ, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 98-97 արդիւնքով պարտուեցաւ Պրուքլին Նեթցէն:
Պոսթըն Սելթիքսի դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց նաեւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ` 102-88 արդիւնքով: Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ) բաւականացաւ միայն 19 կէտով:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Հիուսթըն Ռոքեթց | 98-116 |
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 112-106 |
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Եորք Նիքս | 121-103 |
Պրուքլին Նեթց – Մինեսոթա Վուլվզ | 98-97 |
Մայեմի Հիթ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 111-104 |
Պոսթըն Սելթիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 102-88 |
Շիքակօ Պուլզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 115-124 |
Միլուոքի Պաքս – Ինտիանա Փէյսըրզ | 122-101 |
Տալաս Մավըրիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 122-125 |
Տենվըր Նակեթց – Ֆէոնիքս Սանզ | 134-111 |
Եութա Ճեզ – Նիւ Օրլինզ | 98-108 |
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օքլահոմա Սիթի | 96-133 |
Ստորեւ` այսօրուան երկու մրցումներուն յայտագիրը.
Հիուսթըն Ռոքեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օքլահոմա Սիթի