Լիբանանի ֆութպոլի երիտասարդներու ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նըժմէ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շապապ Թրիփոլիի դէմ:
Նախքան իր արձանագրած այս վերջին յաղթանակը, Նըժմէ արդէն իսկ ապահոված էր ախոյեանութեան տիտղոսը:
Նըժմէի դաշտին վրայ (Մանարա) տեղի ունեցած այս մրցումէն ետք, Նըժմէ ախոյեանութեան իր այս տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարէն` ներկայութեամբ Նըժմէի նախագահ Ասաատ Սաքքալի:
Այս մրցանակաբաշխութեան ներկայ եղան ակումբին մեծաթիւ համակիրները: