Կազմակերպութեամբ ֆութպոլ Քլապ Պէյրութի, տեղի ունեցաւ ձմեռնային ակադեմիաներու մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 400 մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին 8 ակադեմիաներ:
Այս մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Քասքասի դաշտին վրայ, կատարուեցաւ գործակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան:
Խումբերը մասնակցեցան 45 մրցումներու: Տարբեր դասակարգերու մէջ Պէյրութի խումբը տիրացաւ տիտղոսներուն մեծամասնութեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան: