Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանէն յետաձգուած մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, իրարու դէմ հանեց Պէյրութը եւ ՀՄԸՄ-ը:
Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 86-81 արդիւնքով (16-25, 17-19, 26-19 եւ 22-23):
Մրցումը եղաւ բաւական հետաքրքրական, մանաւանդ որ շատ յաճախ արդիւնքը կ՛ընթանար հաւասար, երբեմն ալ` խումբի մը առաւելութեամբ: Առիթով մը ՀՄԸՄ 16 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Պէյրութի վրայ (78-62):

PROFOTO
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Սեմ Եանկ (23 կէտ, 11 ռիպաունտ) եւ Մաքրամ Պըն Ռամատան (15 կէտ, 10 ռիպաունտ), մինչ Ուոլթըր Հոճ 26 կէտ նշանակելէ եւ մրցումին լաւագոյն սքորըրը հանդիսանալէ բացի, կատարեց 7 էսիսթ եւ ձեռք ձգեց 8 ֆաուլ: Իսկ Հայկ Կէօքճեան նշանակեց 10 կէտ:
Միւս կողմէ, Պէյրութէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Քրիս Քրոֆորտ (20 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Պասել Պաուժի (22 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Տարեշրջանի իր 12-րդ յաղթանակը արձանագրելով` միակ պարտութեան մը կողքին, ՀՄԸՄ այսպիսով ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Անթունիէ (կիրակի, 7 յունուարին), ապա` Թատամոն (շաբաթ, 13 յունուար), որմէ ետք խումբը այլ մրցում չունի կատարելիք, որովհետեւ կը մասնակցի Տուպայի միջազգային մրցաշարքին: