Աշխարհի եռակի ախոյեան, Եւրոպայի քառակի ախոյեան, Ռիոյի ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Արթուր Ալեքսանեան ճանչցուեցաւ 2017 տարուան Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը, News.am-Sport-ի աւանդական, ամէն տարի կատարուող տարեվերջի հարցախոյզին արդիւնքին հիման վրայ:
Այս տարի աշխարհի ախոյեան եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած Ալեքսանեան ստացաւ ձայներուն 35,7 առ հարիւրը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ ապահովեց ձայներուն 33,5 առ հարիւրը:
Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան (24,5 առ հարիւր):