Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբի նախագահ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ այսօր` հինգշաբթի, 4 յունուարին, հիւրը կ՛ըլլայ «Ռիփլէյ» մարզական յայտագիրին, որ պիտի պատկերասփռուի, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն` երեկոյեան ժամը 22:30-էն սկսեալ:
Ան այսօր մարզական ընդհանուր նիւթի մը շուրջ խօսելէ բացի, պիտի կեդրոնանայ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նիւթին վրայ:
Այս հարցազրոյցը պիտի վարէ Էլի Նասսար, որ իրեն օգնական պիտի ունենայ Ապտելնասեր Հարպը: