Լոնտոնեան Չելսիի միջնապահ Էտեն Ազար ճանչցուեցաւ իբրեւ Պելճիքայի 2017 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Այս արդիւնքը հրապարակեց Պելճիքայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` իրեն հասած բոլոր արդիւնքները համախմբելէ ետք:
Երկրորդ հանդիսացաւ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Քեւին Տէ Պրույնէ, իսկ լաւագոյն եռեակը դարձեալ ամբողջացուց Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող, Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու:
2017-ին 26 տարեկան Ազար, մասնակցեցաւ 52 մրցումի` նշանակելով 20 կոլ եւ կատարելով 7 էսիսթ: Ան Չելսիի հետ հռչակուեցաւ Անգլիոյ ախոյեան, իսկ լոնտոնեան ակումբին համակիրներուն կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ 2017-ին ակումբին լաւագոյն մարզիկը:
Ան բաւական օգտակար դարձաւ նաեւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին, որ ապահովէ 2018-ի մոնտիալի աւարտականներուն իր տոմսը: