«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան հինգ ճակատումներ:

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ հիւրընկալեց Մեմֆիս Կրիզլիզը, արձանագրեց տարեշրջանի իր 17-րդ յաղթանակը` 113-105 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լու Ուիլիամզ նշանակեց 33 կէտ:
Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, 127-110 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 24 կէտ` ի նպաստ յաղթական կազմին:
Նիւ Եորք Նիքս իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզէն, Ֆէոնիքս Սանզ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 104-103 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսին, եւ վերջապէս, վերջին մրցումին, Շարլոթ Հոռնեթց 131-111 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սաքրամենթօ Քինկզի դաշտին վրայ:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Հիուսթըն Ռոքեթց
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Եորք Նիքս
Պրուքլին Նեթց – Մինեսոթա Վուլվզ
Մայեմի Հիթ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Պոսթըն Սելթիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Շիքակօ Պուլզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Միլուոքի Պաքս – Ինտիանա Փէյսըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տենվըր Նակեթց – Ֆէոնիքս Սանզ
Եութա Ճեզ – Նիւ Օրլինզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օքլահոմա Սիթի