Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 30 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին դէմ, 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Այս պարտութիւնը ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի կազմին համար եղաւ տարեշրջանի երրորդը:

Սակայն ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ կը մասնակցի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին իր կատարած մրցումին 9-3 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Էտտէ Պաթրունի դէմ, Ժամահաթ Մանար դաշտին վրայ (Թրիփոլի):
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Միքայէլ Նորաշխարհեան (հեթրիք), Էլիօ Պու Ղազալ, Յակոբ Յակոբեան (2-ական կոլ), Խաչիկ Սերոբեան եւ Փիեռ Քազզի (մէկական):