Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը եղաւ Անդրանիկ Պէյրութի:

Այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրելով շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը` մրցումը աւարտելով ի նպաստ իրեն, 70-66 արդիւնքով (18-14, 13-29, 20-16 եւ 15-11):
Անդրանիկ Պէյրութ, որ իր կատարած վերջին մրցումին յաղթած էր Ռիատի Պէյրութին, այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը (երկուքը` ՀՄԸՄ-էն, մէկը` Ռիատիէն): Իսկ Ռիատի ցարդ կրած է երկու պարտութիւն (մէկը` Անդրանիկէն, մէկը` ՀՄԸՄ-էն):
ՀՄԸՄ Անթիլիասի կատարելիք յաջորդ մրցումին ճշգրիտ թուականը կը յստականայ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ՃՕ ՇԱՄԱԱ