Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Թորինոյի տերպիի մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ Եուվենթուս, որ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թորինոյին, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Տուկլաս Քոսթա (15-րդ) եւ Մարիօ Մանճուքիչ (67-րդ):
Կիսաւարտականին Եուվենթուս իր դէմ պիտի ունենայ Աթալանթան, որ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Նափոլին (2-1):
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին իրարու դէմ յանդիման կու գան Ա. Սէ. Միլան եւ Լացիօ Ռոմա: