Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, երէկուան մրցումին պարտուեցաւ 87-65 արդիւնքով (27-15, 15-22, 22-16, 23-12):
Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Ռիատի արդիւնքը հաւասարեցնէ 1-1-ի (ընդամէնը` եօթը մրցում):
Ռիատի իր այս յաղթանակը կերտեց իր թրի փոյնթերուն շնորհիւ` նկատի ունենալով, որ անոր մարզիկները ատիկա իրագործեցին 15 անգամ` 25 փորձերէ ետք, մինչ ՀՄԸՄ 8 անգամ (28 փորձերէ ետք):
ՀՄԸՄ կրցաւ տիրապետել միայն սթիլով (9` փոխան 4-ի), մինչ ռիպաունտներով, էսիսթներով, թըրն-օվըրներով եւ պլոք-շաթերով Ռիատի աւելի լաւ էր:

ՀՄԸՄ-էն երկուքական թրի փոյնթ նշանակեցին Իսմայիլ Ահմետ, Ուոլթըր Հոճ եւ Հայկ Կէօքճեան, մինչ մէկական` Սեւակ Քեթենճեան եւ Էլի Շամուն:
4 թրի փոյնթ նշանակեց Ժան Ապտել Նուր, իսկ 3` Ամիր Սէուտ:
Այսօր, ինչ ալ ըլլան պայմանները, ՀՄԸՄ պէտք է ըլլայ մրցումին յաղթականը:
Այս իրողութենէն մեկնելով, այսօր բոլորս պիտի ուղղուինք «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտ` քաջալերելու համար մեր տղաքը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 20:40-ին: