«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցան 5-րդ մրցումները:
Հիուսթըն Ռոքեթց 112-102 արդիւնքով յաղթելով Եութա Ճեզին եւ 4-1 արդիւնքով գերազանցելով զայն, ապահովեց այս շրջանի աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Նիւ Օրլինզ մրցումին յաղթականին դէմ: Նշենք, որ երէկ Ուորիըրզ 3-1 արդիւնքով գերազանցեց Օրլինզը` 113-104 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք: Այս մրցումին Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ) նշանակեց 28 կէտ, մինչ Անթոնի Տէյվիս (Օրլինզ)` 34 կէտ:
Օրլինզէն Ճէյրու Հոլիտէյ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (27 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ):
Այսօր արեւելեան շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Պոսթըն Սելթիքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ հինգերորդ մրցումը: Այժմ Սելթիքս 4-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը: