Կազմակերպութեամբ «Էյ. Եու. Էլ.» համալսարանի Քասլիքի բաժանմունքին, Ղազիրի եւ Ֆուատ Շեհապի անուան դաշտերուն վրայ տեղի ունեցաւ տղոց պասքեթպոլի առաջին դպրոցական մրցաշարքը` հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 32 խումբեր:
Աւարտական մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Ղազիրի դաշտին վրայ, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ 76-64 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ժիպէյլի երկրորդ վարժարանին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Մրցաշարքը սկսաւ նաք-աութի դրութեամբ` նախորդ 17 ապրիլին:
Այստեղ տեղին է նշել, որ Լուէյզի տիտղոսին տիրանալէ բացի այլ մրցանակներու ալ տիրացաւ:
Էլի Սալամէ ընտրուեցաւ լաւագոյն մարզիչը, Ճօ Հաքիմ` լաւագոյն մարզիկը, Մայքըլ Քարիմէ` լաւագոյն էսիսթ կատարողը: