Փորթուգալեան Ֆութպոլ. Գէորգ Ղազարեան Կերտեց Իր Կազմին Վերջին Յաղթանակը
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Մարիթիմօ, որ հիւրընկալեց Սփորթինկ Լիզպոնը, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոր տարեշրջանի վերջին յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան, որ իր կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն: Ան մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: Մարիթիմօ տարեշրջանը աւարտեց 7-րդ դիրքին վրայ (47 կէտով), մինչ Սփորթինկ Լիզպոն, ապահովելով 78...










