Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանէն առաջ, Պոքա Ժունիորզ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը:
Արդարեւ, 25-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ Պուէնոս Այրեսի կազմը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Խիմնասիայի հետ, 4 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` 2-րդ դիրքը գրաւող Կոտոյ Քրուզի վրայ:
Այսպիսով, Պոքա Ժունիորզ Արժանթինի ախոյեան դարձաւ 33-րդ անգամն ըլլալով:
Սակայն մրցանիշը կը պատկանի Ռիվըր Փլէյթի (36 անգամ):