Էվըրթընի յառաջապահ Ուէյն Ռունի շատ հաւանաբար լքելով իր կազմը, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
«Տէյլի Մէյլ» կը յայտնէ, որ անգլիացին լիվըրփուլեան ակումբին տեղեկացուցած է, որ շատ հաւանաբար միանայ ամերիկեան Տի. Սի. Եունայթըտ խումբին:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, 32 տարեկան ֆութպոլիստը, փոխան 12,5 միլիոն փաունտի պիտի կնքէ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը:
«Մէյճըր լիկ»-ի փոխանցումները կը սկսին 10 յուլիսին: