Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկիզբ առաւ Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը:
Ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը իրարու դէմ պիտի մրցին մէկ հանգրուանի դրութեամբ միայն, այսինքն` տեղի պիտի ունենան երթի մրցումներ միայն (եւ ոչ թէ երթուդարձ):
Ա. հանգրուանին արձանագրուեցան հետեւեալ կարեւորագոյն արդիւնքները.
Ժընուպ Թուլ – Անդրանիկ Անթիլիաս` 3-0, Պարաղեմ Նապաթիէ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 3-1, Լիուա Սայտա – Անդրանիկ Պէյրութ` 3-2, Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 3-1, Անդրանիկ Անթիլիաս – Մոն Լա Սալ` 3-1: