Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ տիտղոսին տիրանալու համար միայն մէկ կէտի պէտք ունեցող Եուվենթուս հանդիսացաւ Իտալիոյ բաժակակիր, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին 4-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Ա. Սէ. Միլանը:
Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ:
Մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալեկրիի կազմը` Եուվենթուս յաջորդաբար չորրորդ անգամն ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: Ան իր պատմութեան մէջ 13 անգամ եղած է Իտալիոյ բաժակակիր: