Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Միհրան Յարութիւնեան, «Ֆայթց նայթ կլոպըլ»-ի խառն մենամարտերուն ծիրին մէջ առաջին անգամ ըլլալով իրեն մրցակից պիտի ունենայ իրանցի Ալի Եուսեֆը: Այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 19 մայիսին Ռոսթովի մէջ (Ռուսիա), ուր կը կատարուին այդ մենամարտները:
29 տարեկան Յարութիւնեան, Ռիօ-2016-ին մասնակցելէ ետք, բացակայեցաւ մրցագորգերէն, իր ուսին ստացած վնասուածքին պատճառով:
Անկէ ետք ան քանի մը վիրաբուժութիւններու ենթարկուեցաւ Գերմանիոյ, Լեհաստանի եւ Մոսկուայի մէջ: