Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հայրը կապ հաստատած է անուանի գործակատար Փինի Չախաւիի հետ` իր զաւակը այլ ակումբ տեղափոխելու խնդրանքով, կը յայտնէ «Ֆութպոլ-ֆրանս»-ը:
Կը նշուի, որ անոնց միջեւ այդ հանդիպումը տեղի ունեցած է 24 ապրիլին:
Այնպէս կը թուի, որ Ռէալ Մատրիտ փոխանցումը Նէյմարի հօր փափաքն է` նկատի ունենալով, որ ան արքայական ակումբին հետ կրնայ աւելի լաւ աշխատավարձ ստանալ:
Նախորդ ձմրան ընթացքին Չախաւի հանդիսացաւ Պայէրն Միւնիխի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքիի գործակատարը: