Շթութկարթի յառաջապահ Մարիօ Կոմեզ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին առանց բառերը ծամծմելու ըսաւ, թէ կ՛ուզէ իր մասնակցութիւնը բերել Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին:
Ան յայտնեց, թէ մեծ յոյս ունի, որ շուտով կ՛ընդգրկուի Գերմանիոյ հաւաքականին մէջ, եւ կազմին հետ մեկնելով Ռուսիա` այդտեղ կ՛արձանագրէ բացառիկ եւ տպաւորիչ արդիւնքներ:
2018-ի մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ 14 յունիսէն 15 յուլիս: