
Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Գ. դասակարգին մաս կազմող Լը Զերպիէ խումբին, տիրացաւ տիտղոսին:
Այսպիսով, Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմը 12-րդ անգամն ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, իսկ վերջին չորս տարիներուն` յաջորդաբար չորրորդ անգամն ըլլալով: