Համացանցին վրայ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին հրապարակուած են կէս-կատակ, բայց իրականութեան համապատասխանող լուրեր, որոնք կապուած են Անգլիոյ արքայազունին, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ծիրին մէջ Լիվըրփուլի յաղթանակին եւ Հռոմի պապին:
Երեք տարբեր տարիներու ընթացքին արձանագրուած են հետեւեալ զուգադիպութիւն-իրականութիւնները.
1981
1.- Անգլիոյ արքայազունը կ՛ամուսնանայ
2.- Լիվըրփուլ կը տիրանայ «Չեմփիընզ-լիկ»-ին
3.- Հռոմի պապին վրայ կը կրակեն
2005
1.- Անգլիոյ արքայազունը կ՛ամուսնանայ
2.- Լիվըրփուլ կը յաղթէ «Չեմփիընզ լիկ»-ին
3.- Հռոմի պապը կը մահանայ
2018
1.- Անգլիոյ արքայազունը կը պատրաստուի ամուսնանալու
2.- Լիվըրփուլ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին է
3.- Մէկը պէտք է զգուշացնէ պապը