Պարսելոնայի միջնապահ Սերճիօ Ռոպերթօ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ չորս մրցումով կախակայուեցաւ, Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի (Քլասիքօ»-ի մրցումին (2-2) Մարսելոյի դէմքին հարուածած ըլլալուն պատճառով:
Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթօ, նախքան խումբներուն հանդերձարան մեկնիլը, կարմիր քարտ մը ստացաւ օրուան կեդրոնի իրաւարարէն` Ալեխանտրօ Հեռնանտեսէն:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պիտի բացակայի Պարսելոնայի կատարելիք յաջորդ 4 մրցումէն:
Սպանական մամուլը կը յայտնէ, որ Պարսելոնա 10 օր ունի բողոքելու համար, որպէսզի փորձէ նուազեցնել 26 տարեկան իր միջնապահին կախակայումը: