Ծանր վնասուածքէն վերականգնող գերմանացի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըրի մասնակցութիւնը 2018-ի մոնտիալին հարցականի տակ դրուած է:
Ան նախորդ սեպտեմբերէն ի վեր բացակայ է ֆութպոլի դաշտերէն` իր ձախ ոտքին հասած ծանր վնասին պատճառով:
«Պունտըսլիկա»-ն շուտով պիտի աւարտի եւ ցարդ անորոշ կը թուի մոնտիալին մասնակցիլս: Կը մնայ սպասել, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրս` Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ», կ՛ըսէ ան:
Նախապէս Պայէրնի մարզիչ Եուփ Հայնքես նշեց, որ Նէօյըր պիտի չմասնակցի Շթութկարթի դէմ կատարուելիք «Պունտըսլիկա»-ի վերջին մրցումին, ինչպէս նաեւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դէմ տեղի ունենալիք Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումին: