Երէկ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Նատուա Քամաթիէի միջեւ:
ՀՄԸՄ ախոյեանութիւնը աւարտեց հանդիսանալով փոխախոյեան` պարտուելէ ետք իր մրցակիցէն (3-0):
ՀՄԸՄ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմային:
ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմեցին Նոել Քէշիշեան, Լարա Քեչեպաշեան, Սեւան Չաքմաքճեան եւ Միրէյ Պոյաճեան` իրենց մարզիչ ունենալով Րաֆֆի Մումջողլեանը: