Մակեդոնական Վարտարի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` մասնակցելու համար Մալթայի (29 մայիս) եւ Մոլտովայի (4 յունիս) դէմ Աւստրիոյ մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Համբարձումեան նախապէս չէր ընդգրկուած հաւաքական հրաւիրուած 19 ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ:
Վերոնշեալ երկու մրցումները պիտի ըլլան առաջին երկու մեկնարկային հանդիպումները, խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին` Վարդան Մինասեանի վերադարձէն ետք: