Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ «Փորշ-Սուփըր-Քափ»-ի 2018-ի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ Ա. հանգրուանի մրցումը` Պարսելոնայի մէջ (Սպանիա):
Օմանցի երիտասարդ վարորդ Ֆայսալ Զուպէյր յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով գրաւել 13-րդ դիրքը եւ ապահովել 2 կարեւոր կէտեր:
Ան մեկնարկին սկսաւ 14-րդ դիրքէն:
Բ. հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 24-27 մայիսին, Մոնաքոյի (Ֆրանսա) ճամբաներուն վրայ: